Վաղ առաւօտեան Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներն ու աջակից քաղաքացիները ճանապարհներ փակած են, իրականացուցած են անհնազանդութեան խաղաղ շարժումներ:
Այդ գործողութիւններու ընթացքին ՀՀ ոստիկանութիւնը այս պահի դրութեամբ բերման ենթարկած է 125 անձի: Այս յայտնեցին Ոստիկանութեան լրատուութեան վարչութենէն:
Քաղաքացիները բերման ենթարկուած են ՀՀ վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքի 182-րդ յօդուածի հիմքով, որ կը սահմանէ ոստիկանութեան ծառայողներու օրինական պահանջը չկատարելը: