Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան ԱՄՆ կատարած այցի ժամանակ անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:
«Մենք ունէինք համագործակցութեան տարբերակ, որ անուանած ենք հինգի կամ վեցի հարթակ: Ներկայիս այս նախագիծին հետ կապուած դրական ուղերձներ կը ստանանք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն: Այս ծիրին մէջ մենք կը նախատեսենք նաեւ որոշ քայլեր ձեռնարկել», նշած է Էրտողան:
Անոր խօսքով, այս հարցը պիտի ըլլայ այն հարցերու շարքին, որ ինք կը նախատեսէ քննարկել Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ժամանակ:
«Մենք հնարաւորութիւն պիտի ստանանք լաւ զարգացնելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման հարցը: Այս ներառուած է այն հարցերու օրակարգին մէջ, որ ես պիտի քննարկեմ Փութինի հետ ամսուան վերջը: Այսպիսով, թուրք-ռուսական յարաբերութիւնները նոր հզօր խթան պիտի ստանան», ըսած է Էրտողան: