image

Ըստ «Արեւելք»ի Աղբիւրին Պաղտատ Կրնայ Իր Բոլոր Սահմանները Փակել Թուրքիոյ Հետ.

Ըստ «Արեւելք»ի Աղբիւրին  Պաղտատ Կրնայ Իր  Բոլոր Սահմանները Փակել  Թուրքիոյ Հետ.

«Մասնաւորապէս Պաղտատի կեդրոնական շրջաններուն մէջ   Թուրքիոյ դէմ բողոքի կոչեր կը լսուին  եւ   թրքական դրօշակներ կը հրկիզուին»,- այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պաղտատի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ  նշեց,  որ  իրաքցիներու կարեւոր տոկոս  մը  զայրացած է թրքական ուժերու`  Իրաքի հիւսիսային  շրջաններ ներխուժումէն եւ այդ պատճառով    բողոքի ցոյցեր տեղի կ'ունենան:  Մեր   աղբիւրը նաեւ ըսաւ, որ         Պաղտատ բնակուող  հայերը    տարբեր առիթներով Թուրքիոյ դէմ  բողոքի հաւաքներ ըրած են   ու հիմա, երբ  վերջինս   կը փորձէ ոտնակոխել Իրաքի  ինքնիշխանութիւնը   երկրին մէջ,  Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ   այլ երկիրներու դէմ  բողոքի ալիք մը ծայր առած է: «Երբ Թուրքիա վիրաւորեց իրաքցիներու արժանապատուութիւնը,   իրաքցիները զայրացան» ըսաւ Իրաք բնակուող մեր զրուցակիցը` նկատել  տալով, թէ    կան խօսակցութիւններ,  որ  երկրի իշխանութիւնները մտադիր են   Թուրքիոյ հետ սահմանային   բոլոր      անցքերը  փակել եւ արգելքներ դնել  դէպի  Պաղտատ հասնող  թրքական ապրանքներու վրա:   Մեր  աղբիւրը նշեց, որ իրաքեան իշխանութիւններուն  մէջ     կան պատասխանատուներ, որոնք սերտ կապեր ունին Թուրքիոյ հետ: Նոյն առումով եւ պատասխանելով  «Արեւելք»ի   այն հարցին, որ արդեօ՞ք   իշխանութիւններու  կարգ մը    ներկայացուցիչներու   թրքական  կողմին հետ ունեցած  համագործակցութիւնը կրնայ   երկրին    մէջ      նոր խլրտումներ  առաջացնել, դժուարացաւ պատասխանել  եւ  ըսաւ, որ հայ համայնքը   եւս   կը հետեւի  այս լարուած իրավիճակին  առանց սակայն աքթիւ մասնակցութիւն բերելու  բողոքի  ցոյցերուն:  «Արեւելք»ի աղբիւրը   նշեց, որ Քիւրտիստանի  իշխանութիւններուն   թրքական  կողմին  հետ   ունեցած սերտ կապերը   առիթ կը ստեղծեն,  որ թրքական  ուժեր դիւրութեամբ  շարժին երկրի   հարաւային   շրջաններուն մէջ:  Տեղին է նշել,   որ     տարբեր լրատուական աղբիւրներու   գլխաւոր լրահոսին մէջ այսօր տեղ գտած է  մանրամասն  վերլուծութիւն Պաղտատի մէջ     անցնող օրերուն աճած  հակաթուրք  ընդհանուր մթնոլորտին  մասին: