image

Ընթերցումներս. Բառային կրկնութիւն (4). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Բառային կրկնութիւն (4). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Բառային կրկնութիւն (4)

1. Բառային կրկնութիւններու ծիրէն ներս շատ մեծ յաճախականութուն ունին այնպիսիները, ուր կրկնուողը նոյն բառը չէ, այլ անոր արմատակից ուրիշ բառ մը, ուրիշ կառոյց մը. օրինակ՝ գրած գրութիւնդ...առատաձեռն ձեռքով... եւ այլն:

Այսպիսիներուն սրբագրութիւնը կը կատարուի երկու միջոցով.

ա) կա՛մ ջնջելով կրկնուող տարրը, որ միաժամանակ աւելորդաբանութիւն մըն է,

ա)  կա՛մ փոխարինելով զայն պատշաճ հոմանիշով մը:

Ստորեւ փունջ մը՝ համապատասխան սրբագրութիւններով, ուսանելի օրինակներու այն  ծաւալուն պաշարէն, որ կը գնուի մեր տրամադրութեան տակ: 

                                                                                  *   *   *

--Սրբուհիին գրուած նամակներուն մէջ ան գրած է...

Սրբուհիին գրուած նամակներուն մէջ ան կ’ըսէ...:

-- Առատաձեռն ձեռաձիր կու տային: 

Առատ ձեռաձիր կու տային:

--Ամէն երեկոյ հաշուետւութիւն կու տայի անոր:

Ամեն երեկոյ հաշուետւութիւն կը կատարէի անոր :

Ամէն երեկոյ հաշիւ կու տայի անոր:

--Մարդուն   ծնունդէն ի վեր մարդկային կեանքը փոխուած է:

Մարդուն ծնունդէն ի վեր անոր կեանքը փոխուած է:

--Լոյսը կը տեղափոխուէր գրադարանի  դարաններէն  ետ՝ դէպի նկարը:

Լոյսը գրադարանէն կը տեղափոխուէր ետ՝ դէպի նկարը:

--Գաղտնիքը բանալու առաջին բանալին ձեռքս անցաւ:

Գաղտնիքը լուսաբանելու առաջին բանալին ձեռքս անցաւ:

Գաղտնիքի առաջին բանալին ձեռքս անցաւ: 

--Փողոցը ենթակայ էր արձակազէնին արձակած փամփուշտներուն:

Փողոցը ենթակայ էր արձակազէնի փամփուշտներուն:

--Տոլարի զգալի պահանջ մը զգացուած է շուկային մէջ:

Տոլարի զգալի պահանջ մը կը տիրէ շուկային մէջ:

Տոլարի մեծ պահանջ զգացուած է շուկային մէջ:

--Հիւսիսը արժանաւոր ներկայացուցիչներով  ներկայացուած չէ:

Հիւսիսը արժանաւորապէս ներկայացուած չէ:

Հիւսիսը ըստ արժանւոյն չէ ներկայացուած:

--Յանձնախումբի անդամները նախնական համաձայնութեան մը համաձայն պիտի այցելեն Հայաստան:

Նախնական  համաձայնութեան մը հիմամբ պիտի այցելեն...:    

Ըստ նախնականհամաձայնութեան  մը պիտի այցելեն...:        

--Փոքրամասնութեան մը որոշումով տրուած որոշումը մտահոգութիւն չի պատ-ճառեր Թուրքիոյ:

Փոքրամասնութեան մը տուած որոշումը մտահոգութին չի պատճառեր Թուրքիոյ:    --Այս տեղեկութիւնները կը կազմեն բարի վկայութեան լաւագոյն վկայագիրը:

Այս տեղեկութիւնները կը կազմեն բարի վկայութեան լաւագոյն  գրաւականը (փաստը, հաւաստիքը, երաշխիքը):

--Գիրքին սկիզբը մեզի համար կարեւոր  յայտնութիւն մը ի յայտ եկաւ:

Գիրքին սկիզբը մեզի համար կարեւոր յայտնութիւն մը եղաւ:

--Նախագահը դէպքին տեղեկանալէ ետք ուղղուեցաւ հիւանդանոց ու տեղեկացաւ տրուած տեղեկութիւններուն:

Նախագահը դէպքը իմանալէ ետք ուղղուեցաւ հիւանդանոց ու վերահասու դարձաւ տրուած տեղեկութիւններուն:

--Ամերիկեան օրէնքը կը պարտադրէ, որ վիզա  պահանջող իւրաքանչիւր  անձ պարտաւոր է անձնապէս ներկայ գտնուիլ:  

Ամերիկեան օրէնքը կը պարտադրէ, որ ամեն վիզա պահանջող  անձամբ ներկայանայ: 

--Նախագահը շեշտած է անհրաժեշտ  բարեկարգումները միասնաբար  որոնելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահը շեշտած է անհրաժեշտ բարեկարգումները միասնաբար որոնելու կարեւորութիւնը (անխուսափելիութիւնը):

--Իրաքեան մայրաքաղաքէն  գալով  Լառնաքա ժամանած միջոցին դիւանագէտը ըսաւ լրագրողներուն:

Իրաքեան մայրաքաղաքէն Լառնաքա ժամանած միջոցին դիւանագէտը  ըսաւ... 

--Սրբազանը ոգեւորիչ եւ զգայացունց  ձեւով  ոգեւորեց  ներկաները:

Սրբազանը  ոգեւորիչ եւ զգայացունց  բառերով  տոգորեց ներկաները:

Սրբազանը  խանդավառ  բառերով  ոգեւորեց ներկաները:

--Բեմադրիչը կը գտնուի Քալիֆոռնիոյ հարաւը գտնուող բանտերէն մէկուն մէջ:

Բեմադրիչը կը գտնուի Քալիֆոռնիոյ հարաւային բանտերէն մէկուն մէջ:

--Վերջերս յաճախ հարցուող հարցումը հոս եւս հնչած է:  

Վերջերս  յաճախ տրուող  (կամ՝ կրկնուող) հարցումը հոս եւս հնչած է:

--Այդ պաշտամունքը ակներեւ կերպով կը տեսնուի այս գիրքին մէջ: 

Այդ պաշտամունքը ակներեւ կը տեսնուի այս գիրքին մէջ:

Այդ պաշտամունքը ակներեւ է այս գիրքին մէջ:

  1. Հայերէնը հարուստ է այնպիսի մակբայներով, որոնք կ’արտայայտեն գործողութեան մը կրկնութիւնը, ինչպէս՝  դարձեալ, կրկին, նորէն եւ այլն: Ասոնց կից  անգամ  կամ ասոր նման բառի կիրարկութիւնը կը թելադրէ շատ անախորժ յաւելադրում մը. օրինակ՝

--Վեհափառը կրկին անգամ շնորհաւորեց ներկաները:

Վեհափառը կրկին  շնորհաւորեց ներկաները:

Վեհափառը կրկնեց իր  շնորհաւորանքը ներկաներուն:

--Բազմաթիւ անգամներ ըսած եմ իրեն...:

Բազմիցս ըսած եմ իրեն...:

Անգամ բառը կը վանեն նաեւ՝ երկիցս, երիցս, քառիցս, կրկնապատիկ, տասնապատիկ, հարիւրապատիկ... եւ այլն:

 

Նոյնհետայն պէտք է խուսափիլ օր բառը աւելցնելէ օրանուններուն  կից, ինչպէս նաեւ ամիս բառը ամսանուններուն կից. այսպէս՝ երկուշաբթի օր, հինգշաբթի օր,  յունուար ամսուն/յունուարինմայիս ամսուն/մայիսին եւ այլն: