«Air Cairo» օդանաւային ընկերութիւնը յունիս 20-ին առաջին անգամ Գահիրէ–Երեւան–Գահիրէ երթուղիով թռիչքներ գործարկած է: Տեղեկութիւնը յայտնած է «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանը։
«Թռիչքները կ՚իրականացուեն շաբաթական մէկ անգամ`իւրաքանչիւր հինգշաբթի»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Օդանաւի տոմսերու վերաբերեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար պէտք է կապ հաստատել տեղական զբօսաշրջական գործակալութիւններու հետ: