Ընդդիմադիր ուժերը երէկ Ֆրանսայի հրապարակին մէջ հրաւիրած հանրահաւաքէն յետոյ յայտարարեցին, որ պիտի փակեն հրապարակը ու գիշերեն այնտեղ, իսկ այսօր առաւօտուընէ խաղաղ անհնազանդութեան շարժումներ պիտի սկսին Երեւանի մէջ:
Նշուած է, որ շարժումներու մասնակիցները պիտի փակեն ճանապարհներ, մայրուղիներ, փակ պիտի ըլլան յատկապէս Կեդտրոնի փողոցները:
Ընդդիմութեան առաջնորդներէն Իշխան Սաղաթէլեանը կոչ ըրաւ գործադուլ ու դասադուլ սկսելու:
Ընդդիմութեան ներկայացուցիչները վրաններ տեղադրած են Ֆրանսայի հրապարակին մէջ, որոշ հատուածներու մէջ խարոյկներ վառած եւ գիշերած են այնտեղ:
Առաւօտեան Սաղաթէլեան յայտարարած է, որ Երեւանի մէջ փակուած է 14 փողոց: «Այսօր մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներում դադարեցնելու ենք երթեւեկութիւնը, մեր հայրենկիցներին կոչ եմ անում` դուրս եկէք փողոց, որպէսզի հեռացնենք այս իշխանութեանը, շտկենք մեր մէջքը, ձեզնից իւրաքանչիւրը կարող է իրականացնել իր բողոքի ակցիան: Մի քանի հոգով դուրս եկէք եւ փակէք ճանապարհը», ըսաւ Իշխան Սաղաթելեանը: