Երկու քաղաքական կուսակցութիւնները ներկայացնող խումբ մը ամերիկացի ծերակուտականներ նախագահ Ճօ Պայտընէն պահանջած են յետաձգել F-16 կործանիչներու վաճառքը Թուրքիոյ այնքան ժամանակ, քանի դեռ Թուրքիան չէ հաստատած Շուէտիոյ եւ Ֆինլանտայի՝ ՆԱԹՕ-ին միանալու դիմումները։
«Քոնկրէսը չի կրնար դիտարկել Թուրքիոյ հետագայ աջակցութիւնը, ներառեալ՝ F-16 ինքնաթիռներու վաճառքը, քանի դեռ Անգարան չէ աւարտած անդամակցութեան արձանագրութիւններու վաւերացումը», -ըսած է դեմոկրատ ծերակուտական Ճին Շահինը։
Անոր հետ միասին նախագահին ուղղուած այս կոչը ստորագրած են հանրապետական ծերակուտական Թոմ Թիլիսը, ինչպէս նաեւ երկու կուսակցութիւններէն 23 այլ քոնկրէսական։
«Մենք կոչ կ'ընենք Միացեալ Նահանգներու նախագահին զերծ մնալու Թուրքիոյ F-16 կործանիչներ վաճառելէ, քանի դեռ Անգարան կը շարունակէ արգելափակել Ֆինլանտայի եւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու արձանագրութիւնները»,-ըսած է Շահին։