image

Յայտնի են Մոսկուայի եռաչափ հանդիպման ժամկէտները

Յայտնի են Մոսկուայի եռաչափ հանդիպման ժամկէտները

Մոսկուայի մէջ Նոյեմբերի առաջին տասնօրեակին՝ ամսուն 8-9-ին կրնայ կայանալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։

Ենթադրաբար, կողմերը եռակողմ յայտարարութիւն պիտի ստորագրեն։ 

Փաստաթուղթը պիտի վերաբերի «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին»։

«Այդ գործընթացը բարդ է, եւ կողմերը Ռուսաստանի միջնորդութեամբ պիտի որոշեն «ճանապարհային քարտէզը»՝ տուեալ խնդիրին լուծում գտնելու համար։ Ինչպէս նաեւ կ'ակնկալուի տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման մասին յայտարարութիւն։ Այդ կէտը նշուած է  նաեւ անցեալ տարի Նոյեմբերին երեք առաջնորդներուն կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան մէջ», կը նշեն լրատուական աղբիւրներ։ 

Յիշեցնենք, որ վերջին անգամ նման ձեւաչափով հանդիպում կայացած է Մոսկուայի մէջ 2021-ի Յունուարին։