image

Յարաբերութիւնները վնասելու փորձ. Իրանի դեսպանը հերքած է ՀՀ–ի հետ զէնքի գործարքի մասին լուրը

Յարաբերութիւնները վնասելու փորձ. Իրանի դեսպանը հերքած է ՀՀ–ի հետ զէնքի գործարքի մասին լուրը

ՀՀ–ի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանին հերքած է Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ 500 մլն տոլարի գաղտնի զէնքի գործարքի մասին տեղեկութիւնը:

Աւելի վաղ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնն արձագանգած էր Իրանէն սպառազինութիւն գնելու վերաբերեալ պայմանագիր ստորագրելու մասին հրապարակման եւ հերքած այդ լուրը։

Իրանեան «Mehr» գործակալութեան հետ զրոյցին Սոպհանին այդ հրապարակումներն անուանած է «տարածաշրջանի երկիրներու հետ Իրանի բարեկամական յարաբերութիւնները» վնասելու փորձ:

Անոր խօսքով՝ նման հաղորդագրութիւններ կը տարածեն անվստահելի լրատուամիջոցները, որոնք դարձած են Իրանի մասին կեղծ լուրերու եւ կանխակալ վերլուծութիւններու աղբիւր:

Սոպհանին նշած է նաեւ, որ Իրան կ՚աջակցի խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ կովկասեան տարածաշրջանի մէջ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման:

Յիշեցնենք, որ Iran International կայքը տեղեկատւութիւն տարածած է, թէ Հայաստանն ու Իրանը 500 միլիոն տոլարի սպառազինութեան ձեռքբերման գաղտնի պայմանագիր ստորագրած են։