Երեւանի մէջ այսօր՝ Նոյեմբեր 29-ին խումբ մը քաղաքայիններ բողոքի շարժում կազմակերպած են ի աջակցութիւն Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեանի: Նշենք, որ այսօր Սիւնիքի մարզի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Գորիսի նստավայրին մէջ կ'ընթանայ Առուշ Առուշանեանի գործով դատական նիստը, որ մտած է դատաքննութեան փուլ:
Այսօր բողոքի շարժում տեղի կ'ունենայ նաեւ դատարանի Գորիսի նստավայրին մօտ:
Շարժման մասնակիցները յայտարարեցին, որ որեւէ իրաւական հիմք չկայ Առուշ Առուշանեանը կալանաւորելու, այդ տեղի ունեցած է բացառապէս քաղաքական նպատակներով:
Նշենք, որ Առուշ Առուշանեանը կալանքի տակ է, ան կը մեղադրուի համայնքի ընտրողներէն առաւելագոյն քուէներ ապահովելու եւ ընտրութիւններուն ցանկալի արդիւնք արձանագրելու անձնական եւ խմբային շահերէն ելլելով, երկու կամ աւելի ընտրողի կաշառք տալու մէջ:
Բացի այդ, ըստ մեղադրանքի, Առուշ Առուշանեանը Գորիս համայնքի Քարահունջ բնակավայրի վարչական ղեկավար Լուսինէ Աւետեանի միջոցով կազմակերպած է նոյն բնակավայրի ընտրողներուն 2021 թուականի Յունիս 20-ին նշանակուած ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելուն եւ «Հայաստան» դաշինքի օգտին կողմ քուէարկելուն հարկադրելը:
Առուշանեանը իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չ'ընդունիր։