image

Յակոբ Վարդիվառեանի «Համապարփակ պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» նորատիպին ներկայացումը՝ Մոնթրէալի մէջ

Յակոբ Վարդիվառեանի «Համապարփակ պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» նորատիպին ներկայացումը՝ Մոնթրէալի մէջ

 Կազմակերպութեամբ ՌԱԿ-ի Գանատայի մարմնին օրերս տեղի ունեցած է ներկայացումը ՌԱԿ յայտնի գործիչ եւ «Պայքար» պարբերականի գործադիր տնօրէն ՝Յակոբ Վարդիվառեանի «Համապարփակ պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան»  նորատիպին ներկայացումը։

Նշենք, որ այս հատորը չորրորդն է շարքին, որուն հրապարակման նախաձեռնութիւնը ստանձնած Վարդիվառեան կը համարուի ՌԱԿ կուսակցութեան պատմութեան եւ անցեալին քաջատեղեակ եւ հմուտ հրապարակախօս մը։

 Միջոցառումը եղած է Մոնթրէալի մէջ, ուր եւ նոյն յարկին տակ կը գործեն Գանատայի ՌԱԿ-ն ու «Թէքէեան մշակութային միութիւն»ը եւ հանդիպման ներկայ եղած են «Թէքէեան մշակութային միութեան» Գանատայի մարմնի պատասխանատուներ ՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանն ու Արթօ Մանուկեանը, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի Գանատայի պաշտօնաթերթ՝ «Ապագայ»ի պատասխանատու խմբագիր՝ Աւետիս Պաքքալեանը։

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցած է Յակոբ Վարդիվառեան, որ խօսած է հատորի բովանդակութեան ու նաեւ գիրքը պատրաստելու գաղափարին ու պատրաստման աշխատանքներուն մասին։

 «Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ  արմատներով ՝ Լիբանանէն Վարդիվառեան տասնեակ հատորներու հեղինակ է։ 

 Անոր հետաքրքրութեան հիմնական առանցքը կը կազմեն արդէն իսկ իր 100-րդ տարեդարձը նշած աւանդական հայ կուսակցութեան ՝ ՌԱԿ-ի պատմական անցեալը, կուսակցութեան համար եւ յանուն գործած նուիրեալներու կեանքը ու նաեւ մեր ժողովուրդն ու հայրենիք՝ Հայաստանը յուզող խնդիրներն ու հիմահարցերը։