image

Յակոբ Տիլաչարը եւ ...Թուրքիոյ արդի լեզուն

Յակոբ Տիլաչարը եւ  ...Թուրքիոյ արդի լեզուն

Անհերքելի Փաստեր. Քիչերը գիտեն, որ թրքերէնի ժամանակակից այբուբենը ստեղծած է հայ՝ Յակոբ Մարթայեանը, Թուրքիոյ մէջ աշխուժօրէն կը փորձեն այս թաքցնել, բայց այլեւս չեն  յաջողիր։

 

Ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ աշխուժօրէն կը փորձեն թաքցնել այն հանգամանքը, որ թրքական այբուբենի հեղինակներէն ամենամեծ ներդրում ունեցողը հայ էր, բայց երբեմն չեն յաջողիր թաքցնել Յակոբ Մարթայեանի դերը, որ այն քիչ հայերէն էր, որ կարողացաւ ողջ մնալ ու փրկուիլ Հայոց մեծ եղեռնէն։

Մուսթաֆա Քեմալ 1923-ին անոր յանձնարարեց զբաղիլ հին թրքերէնի փոփոխութիւններով ու լեզուն յարմարցնել լատինական այբուբենի բոլոր կանոններուն։ Մարթայեանի շնորհիւ ժամանակակից թրքերէնը ունի այսօրուայ տեսքը։

 Անոր բարեփոխումներու միջոցով թրքերէնը աւելի հասկնալի այբուբեն ունեցաւ,  եւ  սորվիլը դարձաւ առաւել դիւրին։

Բացի անկէ՝ յայտնի հայ լեզուաբանը դարձաւ Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական լեզուական, մշակութային եւ այլ հարցերու։

Մարթայեան ծառայութիւն մատուցած էր թրքական սահմանադրութիւնը ստեղծելու, հանրապետական կարգը կատարելագործելու, արաբատառ այբուբենը լատինատառ դարձնելու գործին:

Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, նախքան 1928-ի լատինատառ այբուբենի հաստատումն ու ներդրումը, թուրքերը մօտ երկու տարի օգտագործած են հայկական տառերը` թրքերէնով գրելու համար:

1934-ին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալի հրաւէրով Թուրքիա կը գտնուէին բազմաթիւ այլազգի լեզուաբան-գիտնականներ: Անոնց հետ միասին կ'աշխատէր նաեւ Քեմալի քարտուղարը` պուլկարահայ գիտնական Յակոբ Մարթայեանը: 1916-էն ի վեր ան Քեմալի օգնականն ու խորհրդատուն էր: Այդ կապը քանի մը տարի ընդհատուած էր, իսկ 1932-ին նորէն շարունակուած:

Հետաքրքրական է, որ, բացի հայերէնէն ու թրքերէնէն, Յակոբ Մարթայեան կը տիրապետէր նաեւ 19 լեզուի։ Ան մահացած է 1979-ին Պոլիս՝ ստանձնելով Թուրքիոյ լեզուական մշակոյթին մէջ  տիրական բարեփոխումներ իրականացուցած մեծանուն հայու դերը։

Յակոբ Վահանի Մարթայեան (Տիլաչար) ծնած է 22 մայիս 1895-ին Կոստանդնուպոլիս, լեզուաբան, թրքագէտ եւ մանկավարժ։ Թրքական լեզուագիտական ընկերութեան առաջին գլխաւոր քարտուղարը: Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը թրքերէն լեզուի ուսումնասիրութեան մէջ Մարթայեանի ունեցած ներդրման համար անոր շնորհած էր «Տիլաչար» («Լեզու բացող») ազգանունը:

Յիշեցնենք, որ 2013-ին Էրտողանի (այն օրերուն ՝վարչապետ) կողմէ 30 սեպտեմբերին Թրքերէնի այբուբենի համալրման հարցը յայտնուեցաւ քաղաքական օրակարգին վրայ, ժողովրդավարական բարեփոխումներ փաթեթով, նաեւ թրքերէն տառերու մասին օրէնքի փոփոխութեան առաջարկը:

Այսպէս` առաջարկուած էր փոփոխութեան ենթարկել 1928-ին ընդունուած թրքերէն տառերու մասին օրէնքը եւ գործող 29 տառերու հետ միասին օգտագործել նաեւ քրտերէնի մէջ առկայ x, w եւ q տառերը:

 

«Արեւելք»ի համար քաղեց ՝ Թ. Գ.