image

Ուքրանիոյ տագնապ. Ռուսաստան չի բացառեր, որ ռազմական գործողութիւններ տեղի ունենան

Ուքրանիոյ տագնապ. Ռուսաստան   չի բացառեր,  որ  ռազմական  գործողութիւններ  տեղի ունենան

Մոսկուան չի բացառեր ԱՄՆ-ի եւ անոր ենթարկուող  ռեժիմի  կողմէ սադրանքները՝ չբացառելով ռազմական սադրանքները։ Այս մասին շաբաթ օր յայտարարած է ՌԴ Արտաքին Գոծոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովա։ «Անոնցմէ սպասելի է, մանաւանդ որ` հարուստ փորձ ունին», գրած է ան իր Telegram ալիքով։

Զախարովա նաեւ «տեղեկատուական յատուկ գործողութիւն» անուանած է զանգուածային լրատուամիջոցներու այն հրապարակումը, թէ իբր Սի Ցզինփին Փութինէն խնդրած է չյարձակիլ Ուքրանիոյ վրայ Ողիմպիական խաղերուն ժամանակ։

«Այսօր «Չինաստանի մեր դիւանագէտին յղումով «շշմեցուցիչ» լուր հրապարակուած է, որ իբր թէ Չինաստանի ղեկավարը խնդրած է Ռուսաստանի ղեկավարէն Ողիմպիական խաղերու ժամանակ չյարձակիլ Ուքրանիոյ վրայ՝ տօնը չփճացնելու համար։ Սա արդէն կեղծիք չէ, այլ  ամերիկեան յատուկ  ծառայութիւններու տեղեկատուական յատուկ գործողութիւնը «Պլումպըրկի» միջոցով», նշած է դիւանագէտը։