image

Ուքրանիոյ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութիւնը Փութին կը համարէ մեծ վտանգ

Ուքրանիոյ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութիւնը Փութին կը համարէ մեծ վտանգ

Ուքրանիոյ անդամակցութիւնը Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին (ՆԱԹՕ) վտանգ կը ստեղծէ Ռուսիոյ անվտանգութեան համար, յատուկ ռազմական գործողութեան մեկնարկի պատճառներէն մէկը Ուքրանիոյ՝ ՆԱԹՕ մտնելու սպառնալիքն է։ Այս մասին «Ռոսիա-24» հեռուստաալիքի եթերին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։

«Ինչ կը վերաբերի ՆԱԹՕ-ին Ուքրանիոյ անդամակցութեան, ապա մենք բազմիցս ըսած ենք, որ այդ ակնյայտօրէն վտանգ կը ներկայացնէ Ռուսիոյ անվտանգութեան համար»,-ըսած է ան:

«Եւ, փաստօրէն, յատուկ ռազմական գործողութեան պատճառներէն մէկը Ուքրանիոյ՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու սպառնալիքն է»,-ըսած է Վլատիմիր Փութին։

«Վստահ եմ, որ այդ (ՆԱԹՕ-ին անդամակցիլը – խմբ.) չի բարձրացներ բուն Ուքրանիոյ անվտանգութիւնը, եւ ընդհանրապէս աշխարհը շատ աւելի խոցելի կը դարձնէ եւ յանգեցնէ լրացուցիչ լարուածութեան միջազգային ասպարէզին մէջ»,- աւելցուցած է նախագահը։