image

Ուքրանիոյ մէջ տարրաբանական կեդրոններ. ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսաստանի դեսպանը բացած է փակագծերը

Ուքրանիոյ մէջ տարրաբանական կեդրոններ. ՄԱԿ-ի  մօտ  Ռուսաստանի  դեսպանը   բացած է փակագծերը

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսաստանի պատուիրակ Վասիլի Նէպէնզայա հաստատած է, որ «ուքրանական վարչակարգը շտապ կրճատած է իր կենսաբանական ծրագիրը` Արեւմուտքի խնդրանքով», եւ յաւելած է, որ «Քիեւ կը փորձէ թաքցնել այս ծրագրի գործողութիւններուն ընթացքը»:

Ռուս պատուիրակը մատնանշած է «Ուքրանիոյ մէջ 30 կենսաբանական տարրալուծարաններու ցանցի առկայութիւնը, որ կ'ուժեղացնէ մահացու հիւանդութիւններու բնութագրերը»` զգուշացնելով «Ուքրանիոյ այս կենսաբանական տարրալուծարաններու վտանգաւոր նիւթերու` ահաբեկիչներու ձեռքը իյնալու վտանգէն»:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը Ռուսաստանի խնդրանքով արտահերթ նիստ հրաւիրած է` քննարկելու կենսաբանական զէնքի թղթապանակը, որ Մոսկուան կը պնդէ, որ «Ուքրանիան զայն կ'արտադրէ ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ»:

Աւելի վաղ Քիմիական զէնքի արգելման կազմակերպութեան մէջ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Շուլկինը յայտարարածէր, որ «Մոսկուան մօտ ժամանակներս կազմակերպութեան փաստաթուղթեր պիտի ուղարկէ Ուքրանիոյ մէջ քիմիական զէնքի կիրառմամբ սադրանքներու մասին»:

Ռուսաստանի Ճառագայթային, քիմիական եւ կենսաբանական պաշտպանութեան ուժերու հրամանատար, զօրավար Իկոր Քիրիլովը հաստատած է, որ «ամերիկեան, ուքրանական եւ վրացական տարրալուծարանները Ռուսաստանի սահմաններուն մօտ կենսաբանական նախագիծ կ'իրականացնեն, ուր չղջիկները կը համարուին կենսաբանական զէնք կրողներ»: