Ռուսիոյ Դաշնութեան Քուրսքի մարզի վրայ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու յարձակման հետեւանքով զոհուած է 31 մարդ, վիրաւորուած՝ աւելի քան 140։
Այս մասին հաղորդած է «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը՝ յղում ընելով առողջապահական ծառայութիւններուն։
«21 օգոստոսի առտուան դրութեամբ Ոքրանիոյ զինուած ուժերու կողմէ Քուրսքի մարզի վրայ յարձակման հետեւանքով հաստատուած է 31 հոգիի մահը, 143 մարդ ստացած է տարբեր աստիճանի ծանրութեան վնասուածքներ։ Անոնցմէ 79 հիւանդանոց փոխադրուած է, ներառեալ՝ 4 երեխայ», - յայտնած է գործակալութեան զրուցակիցը։