image

Ուքրանիոյ հակայարձակումը ծրագրուած է մայիսին. New York Times

Ուքրանիոյ հակայարձակումը ծրագրուած է մայիսին. New York Times

Ուքրանիան մտադիր է մինչեւ ապրիլի վերջ պատրաստել 12 ջոկատ՝ իւրաքանչիւրը բաղկացած մօտ 4000 զինուորէ, իսկ մայիսին կը նախատեսէ սկսիլ յակահարձակումը։ Այս մասին գրած է New York Times-ը՝ վկայակոչելով Փենթակոնի՝ համացանցի մէջ յայտնուած գաղտնի փաստաթուղթերը, ինչպէս նաեւ այլ աղբիւրներ։

Ըստ յօդուածի՝ ԱՄՆ-ն եւ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցները կը մարզեն եւ անհրաժեշտ նիւթերով կը մատակարարեն 9 ուքրանական ջոկատ։

New York Times-ը նկատած է, որ թէեւ Ուքրանիան ԱՄՆ պաշտօնեաներուն քիչ մանրամասներ կը հաղորդէ իր դաշտային ծրագրի մասին, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, հակայարձակման գործողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկրի հարաւը, այդ շարքին՝ Ազովի ծովի մօտ Ուքրանիոյ ափամերձ հատուածին՝ Ղրիմէն ոչ հեռու:

Ըստ Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ալեքսանտր Վերշպոուի, ամէն ինչ կախուած է այս հակայարձակումէն եւ պիտի որոշուի՝ արդեօք Քիեւի համար արժանապատիւ վերջնարդիւնք պիտի ըլլայ՞յ «ռազմադաշտին մէջ տարածքներ վերադարձնելու եւ շատ աւելի նշանակալի լծակներ ստեղծելու առումով՝ ինչ-որ բանակցային կարգաւորման հասնելու համար»:

Թերթի յօդուածին մէջ նշուած է նաեւ, որ թէեւ ուքրանացի պաշտօնեաները կ'ըսեն, որ Զինուած ուժերու նպատակն է «ճեղքել ռուսական պաշտպանութիւնը եւ ստեղծել ռուսական բանակի զանգուածային փլուզում», ԱՄՆ պաշտօնեաները քիչ հաւանական կը համարեն, որ հակայարձակման հետեւանքով իրավիճակը կտրուկ շրջի Ուքրանիոյ օգտին: