image

Ուքրանիան Ամերիկայի զոհն է. Այաթոլլահ Խամէնէի

Ուքրանիան  Ամերիկայի զոհն է. Այաթոլլահ Խամէնէի

Ուքրանիոյ շուրջ ներկայիս հակամարտութիւնը կապուած է աշխարհի մէջ ճգնաժամեր ստեղծելու ԱՄՆ քաղաքականութեան հետ: Այս մասին յայտարարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ եւ ղեկավար Այաթոլլահ Ալի Խամէնէին:

«Եթէ անոնք (ԱՄՆ-ն) չեն կրնար ճգնաժամ ստեղծել, ապա սպառազինութիւն արտադրող ընկերութիւնները չեն կրնար գործել առաւելագոյն ծաւալներով: Անոնք պէտք է ճգնաժամեր ստեղծեն, որպէսզի ապահովեն այս մաֆիային շահերը: Այսօր Ուքրանիան դարձած է այս քաղաքականութեան զոհը», ըսած է ան: