Ուքրանական երեք անօդաչու 1 օգոստոսի գիշերը յարձակած են Մոսկուայի վրայ, երկուքը խոցուած է հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի կողէ, տեղւոյն մէջ դաշտային ծառայութիւնները կ'աշխատին։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը։
«Օգոստոս 1-ի գիշերը կանխուած է Մոսկուայի եւ Մոսկուայի մարզի կառոյցներուն ուղղուած քիեւեան ռեժիմի անօդաչուներով ահաբեկչութեան փորձը։ Ուքրանական երկու անօդաչու ոչնչացուած է Մոսկուայի մարզի Օտինցովսքի եւ Նարոֆոմինսքի շրջաններու տարածքին հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներով», – յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Գերատեսչութիւնը նշած է, որ երրորդ անօդաչուն ճնշուած է ռատիոելեկտրոնային պայքարի միջոցներով եւ, կորսնցնելով կառավարումը, ինկած է «Մոսկուա սիթի»ի ոչ բնակելի շէնքերու տարածքին։
Մոսկուայի քաղաքապետ Սերգէյ Սոպիանին յայտնած է, որ այդ անօդաչուն հասած է «Սիթի»ի այն նոյն աշտարակին, որուն հասած էր նախորդ անգամ։
«21-րդ յարկին վրայ վնասուած է շէնքի ճակատը։ 150 քմ–ի չափով ապակիներ կոտրուած են։ Տուժածներու մասին տեղեկութիւն չկայ։ Արտակարգ ծառայութիւնները կ'աշխատին դէպքի վայրին մէջ», –թելեկրամեան ալիքին գրած է Սոպիանին։