image

Վլատիմիր Փութին եւ Բենիամին Նաթանիահու հեռախօսով քննարկած են Մերձաւոր Արեւելքի եւ Իրանի մէջ տիրող իրավիճակը. Քրեմլ

Վլատիմիր Փութին  եւ Բենիամին Նաթանիահու հեռախօսով քննարկած են Մերձաւոր Արեւելքի եւ Իրանի մէջ տիրող իրավիճակը. Քրեմլ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ, հաղորդած է Քրեմլը:

Քննարկուած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Իրանի մէջ տիրող իրավիճակը։

Վլատիմիր Փութինը ներկայացուցած է իր հիմնարար մօտեցումները տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելու համար քաղաքական եւ դիւանագիտական ​​ջանքերն աշխուժացնելու վերաբերեալ։

Ռուսական կողմը հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը շարունակել ձեռնարկելու համապատասխան միջնորդական ջանքեր եւ նպաստելու կառուցողական երկխօսութեան խթանման՝ բոլոր շահագրգիռ պետութիւններու մասնակցութեամբ։

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու շփումները տարբեր մակարդակներով։