image

Վարդան Վարդապետ Լանջախաչ կրելու իրաւունք ստացաւ

Վարդան Վարդապետ Լանջախաչ կրելու իրաւունք ստացաւ

Օրերս  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ Կոնդակով, Լանջախաչ կրելու իրաւունք կը շնորհէ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանին։ Վեհափառ Հայրապետը իր Կոնդակին մէջ կը գրէ. «Ի գնահատութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս որպէս Կիլիկեան Ուխտի Միաբան Ձեր մատուցած ծառայութեան, այսու Հայրապետական Կոնդակաւ Ձեզի կը շնորհենք Վարդապետական Լանջախաչ կրելու իրաւունք։ Կ՚օրհնենք Ձեզ, եւ կ՚աղօթենք Ամենաբարին Աստուած որ իր շնորհաց հեղումով ֆիզիքապէս ու հոգեպէս զօրացնէ Ձեզ, որպէսզի վերանորոգ նուիրումով շարունակէք Ձեր հոգեւոր առաքելութիւնը»։ 22 Յունիս 2016-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան երբ իր անդրանիկ այցելութիւնը մատուցեց Գէմպրիճի համայնքին, ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին Կոնդակը եւ պաշտօնապէս փոխանցեց Կոնդակն ու Լանջախաչը՝ Վարդան Վարդապետին։