image

Վարչապետ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ

Վարչապետ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ

Երէկ առաւօտ, Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը: Վարչապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս պայթումէն ետք Լիբանանի պարզած ներկայ կացութեամբ եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններով: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կատարուելիք օժանդակութեան` թէ՛ Լիբանանի պետութեան եւ թէ՛ հայ համայնքին:

Վեհափառ հայրապետը վարչապետին ներկայացուց ընդհանուր տեղեկութիւններ Լիբանանի հայ համայնքին կրած վնասներուն շուրջ: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի ցուցաբերած գործնական զօրակցութեան նկատմամբ: Վարչապետը յայտնեց, որ վեհափառ հայրապետին հետ անհրաժեշտ է խորհրդակցութիւնները շարունակել, որպէսզի Հայաստանի կողմէ կատարուելիք օժանդակութիւնը ըլլայ օգտաշատ: