image

Վարչապետ Փաշինեան եւ առաջին Տիկին Աննա Յակոբեան ներկայ եղան «Կիլիկիա.Առիւծներու երկիր» տեսաֆիլմի ցուցադրութեան

Վարչապետ Փաշինեան եւ առաջին Տիկին Աննա Յակոբեան ներկայ եղան «Կիլիկիա.Առիւծներու երկիր» տեսաֆիլմի ցուցադրութեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տինոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ «Կինօ Փարք» շարժանկարի թատրոնին մէջ ներկայ գտնուած են «Կիլիկիա. Առիւծներու երկիր» կարճամեթրաժ ֆիլմ-ակնարկներու առաջին ցուցադրութեան (փրեմիերային):

«Կիլիկիա. Առիւծների երկիր»-ը Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան մասին պատմող առաջին եւ միակ խաղարկային շարժանկարային նախագիծն է․ այն կ'ընդգրկէ թագաւորութեան 300-ամեայ պատմութիւնը: Նախագիծը բաղկացած է 3 ֆիլմ ակնարկներէ, որոնք հանդիսատեսին կը տեղափոխեն միջնադար՝ ծանօթանալու Կիլիկիոյ 3 իշխող դինաստիաների՝ Ռուբինեաններու, Հեթումեաններու եւ Լուսինեաններու կեդրոնական կերպարներուն:

Ակնարկները նկարահանուած են համաշխարհային ժամանակակից ֆիլմարտադրութեան չափանիշներուն համապատասխան՝ սկսած զինամթերքի, հագուստներու ընտրութենէն մինչեւ կրաֆիքական եւ շնչաւոր (անիմացիոն) լուծումներ։