image

Վահագն Խաչատրեան-Նաժիպ Միքաթի հանդիպում

Վահագն Խաչատրեան-Նաժիպ Միքաթի հանդիպում

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային ուխտի կողմերու 27-րդ համաժողովի ծիրէն ներս հանդիպում ունեցած է Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նաժիպ Միքաթիի հետ։

Վարչապետը ողջունելով նախագահ Խաչատուրեանը, շեշտած է, որ հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները լաւագոյն աւանդոյթներն ունին թէ քաղաքական, թէ առեւտրատնտեսական տեսանկիւններէ։ Նախագահ Խաչատուրեան ընդգծած է, որ Լիբանանը Արաբական աշխարհի մէջ Հայաստանի վաղեմի բարեկամներէն է, որու հետ շփումներն ու փոխգործակցութիւնը մշտապէս սերտացման եւ զարգանալու լայն հնարաւորութիւններ ունին։

Զրոյցի ընթացքին Վահագն Խաչատուրեան լիբանանցի գործընկերոջ ուշադրութիւնը հրաւիրած է վերջերս կայացած Արաբական լիկայի 31-րդ գագաթնաժողովին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ելոյթի վրայ, ուր վերջինս կը փորձէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ներկայացնել որպէս կրօնական անհանդուրժողականութեան դրսեւորում՝ յիշատակելով քանդուած մզկիթները։

Նախագահ Խաչատուրեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնները աղերս չունին իրականութեան հետ, Հայաստանը բազմաթիւ բարեկամներ ունի իսլամական աշխարհին մէջ, իսկ յիշատակուած քանդուած մզկիթները կը վերաբերին Խորհրդային միութեան ժամանակաշրջանին, երբ հաւասարապէս մերժողական պետական քաղաքականութիւն կը վարուէր բոլոր կրօններու նկատմամբ եւ նոյն ժամանակաշրջանին շատ քանդուած եկեղեցիներ եւս կան։

Լիբանանի վարչապետն ընդգծած է, որ անձամբ ներկայ եղած է գագաթնաժողովին եւ կարծիք յայտնած է, որ նմանօրինակ թիւրըմբռնումներէն խուսափելու համար Հայաստանը պէտք է աւելի աշխուժացնէ իր ջանքերը Արաբական աշխարհի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու սերտացման ուղղութեամբ։