image

Ծեծի ենթարկուած հրատարակիչ Արմէն Մարտիրոսեան կ՚ըսէ, որ «Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութիւն չկայ»

Ծեծի ենթարկուած  հրատարակիչ Արմէն Մարտիրոսեան  կ՚ըսէ, որ «Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութիւն չկայ»

Երէկ Երեւանի մէջ ընդդիմութեան աջակիցները հերթական երթը կը կատարէին: Ըստ տարածուած տեսանիւթերու` երթի մասնակիցները Լէօ-Պարոնեան խաչմերուկին յարակից հատուածին մէջ ծեծի ենթարկած են «Անտարես մետիա հոլտինկ»-ի տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեանը:  Ararartnews-ի լրագրողի հարցին, թէ ինչու զինք ծեծի ենթարկած են, Արմէն Մարտիրոսեան կ'ըսէ. «որովհետեւ Հայաստանում չկայ խղճի ու մտքի ազատութիւն»:

Հարցին, թէ ինչ կ'ընէր ցուցարարներուն մօտ, Արմէն Մարտիրոսեան կ'ըսէ, որ պարզապէս այդ հատուածին մէջ պայմանաւորուածութիւն ունեցած է, եւ մարդու սպասած է: