Օրերս յատուկ արարողութեամբ մը տեղի ունեցած է Լոս Անճելըս նահանգի հայաշատ շրջաններէն ՝ Կլէյնտըլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տօնածառի լուսաւորման արարողութիւնը։
Այս մասին կը կարդանք Թեմի դիմատետրի էջով, ուրմասնաւորապէս գրուած է ՝
Չորեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Ս. Գրոց սերտողութիւն՝ բնաբան ընտրելով սաղմոսներու գիրքէն հինգ խորհուրդներ, որոնք անմիջական աղերս ունին այսօրուան մեր կեանքին հետ:
Եկեղեցին լեցուցած ժողովուրդը համախումբ մասնակցութիւն բերաւ շարականներու երգեցողութեան: Այս առիթով, շուրջ 400 հաւատացեալներ եւ հոգեւորականներ «Տէր Ողորմիա»յի յատուկ աղօթք բարձրացուցին համայն աշխարհի խաղաղութեան եւ մեղաց թողութեան համար, ապա փառաբանական յատուկ երգ մը երգեցին՝ յոյս ունենալով եւ հաւատալով, որ 2022 տարին Աստուած մարդուն պիտի շնորհէ յարաբերաբար յաղթօծուն 365 օրեր:
Հուսկ, «Փառք ի Բարձունս» գոհաբանական երգի մատուցմամբ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Հոգեւորականաց դասը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը բոլորուեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զարդարուած կաղանդի ծառին շուրջ, ուր տօնական խանդավառ մթնոլորտի մէջ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց բարձրադիր տօնածառին լուսաւորումը, որով ուրախ մթնոլորտը հասաւ իր զենիթին: