image

Տինք Ընտանիքի Անդամները Այցելեցին Թահիր Էլչիի Շիրիմ

Տինք Ընտանիքի Անդամները  Այցելեցին Թահիր Էլչիի Շիրիմ

Թուրքիա- Հրանդ Տինքի այրին  ՝ Ռաքէլ Տինք եւ  անոր զաւակները ՝ Արատ եւ Տէլալ  օրերս Տիարպէքիր այցելելով յարգած են  վերջերս սպաննուած քիւրտ մարդկային իրաւանց պաշտպան Թահիր Էլչիի յիշատակը: Այս մասին  տեղեկութիւնը տրուած է «Ակօս»   պարբերական հայկական  յաւելուածը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  Տինք ընտանիքի անդամները     այցելելէ  ետք Թահիր Էլչիի հողաշիրիմ    հանդիպած են նաեւ  Էլչիի այրիին ՝  Թիւրքան Էլչիին: Ռաքէլ Տինք   այս առթիւ կարճ  խօսք մը  արտասանելով  ըսած է, որ շատ ծանր է  ապրիլ  երկրի մը մէջ,  ուր Հրանդ Տինքի եւ Թահիր  Էլչիի նման արժէքաւոր անձնաւորութիւններ կը սպաննուին:  Նշենք, որ Տինք   ընտանիքի պատուիրակութիւնը նոյնպէս  հանդինպում ունեցած է   քաղաքի փատստաբաններու կաճառի փոխ նախագահ    Ահմատ Էզմանին հետ: Յշեցնենք, որ  քիւրտ  իրաւապաշտպան՝ Թահիր Էլչի, որ նաեւ   Տիարպէքիրի փաստաբաններու կաճառի նախագահն էր   բազում անգամներ   մահուան սպառնալիքներ ստացած  եւ այդ մասին    խօսած   տարբեր    պատկերասփիւռի կայաններու իր  տուած  հարցազրոյցներուն ընթացքին:   Թուրքիոյ արդի շրջանի պատմութեան  մէջ Թահէր Էլչիի սպաննութիւնը կու գայ սեւ օղակ մը եւս  աւելցնել      երկրի քաղաքական ընդհանուր  գործընթացներուն վրայ: