«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ տնտեսվարող, գործարար Վազգէն Գարճեան:
-Այսօր ի՞նչ են Սուրիոյ մէջ սովորական քաղաքացիին դժուարութիւնները, յատկապէս, Հալէպի մէջ:
Այս օրերուն Սուրիոյ մէջ քաղաքացիները կը դիմագրաւեն շատ մը դժուարութիւններ, որոնց հիմնական պատճառը արեւմտեան երկիրներու կողմէ Սուրիոյ դէմ կիառուած ամպարկոն ու պատժամիջոցներն են: Պատժամիջոցներու հետեւանքով ստեղծուած դժուարութիւններն են ապրուստի հիմնական մթերքներու՝ կաթի, շաքարի, բրինձի, ինչպէս նաեւ դեղորայքի պակասը. Նաեւ Սուրիոյ հիւսիս աերեւելեան շրջաններու ամերիկեան զօրքերու հսկողութեան տակ գտնուելու պատճառով երկիրը զուրկ մնացած է բարեբեր շրջաններէն, զրկուելով ցորենի, բամպակի եւ մանաւանդ քարիւղի իր պաշարներէն, որ յառաջացուցած է նաեւ հացի, վառելանիւթի՝ պենզինի, մազոթի տագնապ, եւ անշուշտ ելեկտրականութեան տագնապ:
Գալով Հալէպ քաղաքին, ինչպէս Սուրիոյ մնացեալ բոլոր քաղաքները, Հալէպը եւս առանց բացառութեաննոյն ճակատագրին ենթակայ,
-Մենք գիտենք որ Սուրիոյ պետութիւնը մեծ ճիգեր կը գործադրէ երկրի արհեստանոցները, ճարտարարուեստի կեդրոնները վերականգնելու համար: Այդ առումով ընդհանուր ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ այն շրջաններուն մէջ, ուր հայ արհեստաւորներ կային, որեւէ շարժ նկատելի՞ է:
Սուրիոյ կառավարութիւնը պատերազմի սկիզբէն մինչեւ օրս մեծ ճիգեր կը գործադրէ երկրի ճարտարարուեստի գործարանները ու արհեստանոցները ոտքի պահելու համար: Պատերազմի դժուար ու դաժան օրերուն, երբ ելեկտրականութիւն բնաւ գոյութիւն չունէր երկրին մէջ՝ ելեկտրակայանները վնասուած ըլլալուն պատճառաւ, կառավարութիւնը ճարտարարուեստի կեդրոններուն մէջ գործող եւ աշխատող գործատեղիներուն եւ արհեստանոցներուն ամէն շաբաթ մազօթ (վառելանիւթ) կը տրամադրէր ելեկտրածին շարժակները (generator) միացնելու եւ աշխատանքը շարունակելու համար:
Ներկայիս ալ բոլոր ճարտարարուեստի կեդրոններուն օրական 10 ժամ ելեկտրականութիւն կը տրամադրուի, առաւել, փափաքողներուն մազօթ ալ կը տրուի՝ քաջալերելի գիներով: Բայց, դժբախտաբար, հայ արհեստաւորներու մեծ մասի արհեստանոցները բնակելի շրջաններու մէջ կը գտնուին եւ չեն կրնար օգտուիլ իրենց հասանելի ելեկտրականութենէն:
-Լսելով ձեր սեփական փորձին մասին, գիտենք որ պատերազմի ընթացքին մեծ ճիգ ըրիք որ պահպանէք ձեր ասպարէզը, ոտքի պահէք ձեր գործը: Ի՞նչ կը պատմէք այդ փորձառութեան մասին:
Պատերազմի ընթացքին շատ մեծ վտանգներէ անցանք, դժուար օրեր ունեցանք, բայց անտեսելով այդ ամէնը, շարունակեցինք ամէն օր ուղղուիլ դէպի գործատեղի, շարունակելու համար մեր գործը եւ պաշտպանելու համար մեր գործատեղիները, թոյլ չտալով, որ զինեալ աւազակները կողոպտեն ու քանդեն մեր տարիներու վաստակը: Անշուշտ այդ ընթացքին եղան պահեր, երբ մահը շատ մօտ կը զգայի, բայց ետքը արդէն վարժուեցայ այդ զգացումին:
-Այսօր ըլլալով Սուրիոյ մէջ առաջատար տնտեսվար մը, ինչպէ՞ս կը գնահատէք ձեր սեփական ասպարէզին վիճակը, ի՞նչ են ձեր մտահոգութիւնները եւ ի՞նչ ակնալիքներ ունիք:
Այսօր, իբր ճարտարարուեստի գործարար, հպարտ կը զգամ, որովհետեւ մեր բոլոր արտադրութիւնները կը շարունակեն մեծ գնահատանքի եւ հետաքրքրութեան արժանանալ: Սուրիոյ մէջ մեր ասպարէզին մէջ արդէն մեծ անուն ունինք, նաեւ մեծ փափաք ունինք դուրսի երկիրներու հետ գործակցելու եւ մեր արտադրութիւններուն համար արտաքին նոր շուկաներ գտնելու՝ ոչ միայն արաբական, այլ զանազան երկիրներու մէջ:
Այս առումով ունեցած ենք գործակցութիւն կարգ մը երկիրներու մէջ: Ներկայիս Սուրիոյ դրացի երկիրներու հետ ճանապարհները փակ կամ անապահով ըլլալուն պատճառով մեծ դժուարութիւններ կ'ունենանք, բայց յոյս ունինք որ երկրի քաղաքական եւ տնտեսական վիճակը կը բարելաւուի եւ մենք կը կարողանանք հանգիստ միտքով նոր շուկաներ գտնել եւ ընդարձակել մեր գործը:
-Գիտենք որ Սուրիոյ պատերազմի 10 տարիներու ընթացքին հայութիւնը դժուար եւ բարդ ճանապարհէ անցաւ: Այսօր հայաբնակ շրջանները համեմատաբար խաղաղ են, սակայն մեծ հաշուով տակաւին մտավախութիւններ կան: Ի՞նչ են այդ մտահոգութիւնները:
Պատերազմի յատկապէս առաջին 5 տարիները շատ ծանր եղան սուրիահայութեան համար եւ անշուշտ ամբողջ Սուրիոյ տարածքին: Շատ նահատակներ ունեցանք, մեծ մասը երիտասարդներ, որու պատճառով ալ շատ մը հայ ընտանիքներ երկրէն գաղթեցին: Ներկայիս արդէն պատերազմէն մօտ 10 տարի անց վտանգաւոր համարուած բոլոր շրջանները կամ անոնց մեծ մասը համեամատաբար խաղաղութեան մէջ են, ներառեալ բոլոր հայաբնակ շրջանները, սակայն, ինչպէս ըսիք, տակաւին կան մտահոգութիւններ. Հիմա երկիրը մեծ տագնապի մէջ է, հիմնականը խնդիրները երկրի դրամի անկումը եւ քարիւղի պակասն են եւ անոնց հետեւանքով ստեղծուած սղաճը դժուար կացութեան առջեւ կը դնէ ժողովուրդը:
-Հայաստանի հետ որեւէ գործակցութեան հեռանկար կը տեսնէ՞ք, եթէ այո, ի՞նչ ոլորտներու մէջ:
Այո, Հայաստանի հետ ունեցած ենք գործակցութիւններ, կարգ մը ընկերութիւններու հետ աշխատանքներ, բայց որպէսզի կարենանք կայուն գործակցութիւն հաստատել, պէտք է թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ Սուրիոյ մէջ տնտեսական եւ քաղաքական վիճակը բարելաւուի, խաղաղ մթնոլորտ պէտք է տիրէ: Յոյս ունինք որ մօտ օրէն կը հանդարտի վիճակը եւ շուտով կարգի կը մտնէ ամէն ինչ:
-Սուրիահայութիւնը ապագայ ունի՞ հայութեան համար այդ խիստ առանցքային եւ կարեւոր, հիւրընկալ երկրին մէջ:
Սուրիոյ մէջ հայ-արաբական յարաբերութիւնները միշտ եղած ենկայուն եւ հաստատ, նոյնպէս ալ բոլոր փոքրամասնութիւններու հետ, եղած ենք իբր մէկ ընտանիք, բոլորն ալ մեզի շատ կը յարգեն: Մեր գործարանի արաբ դրացիները շատ կը նեղանան, երբ կը լսեն թէ հայու մը սեփականութիւնը եղող գործարան մը կը փակուի եւ սեփականատէրը երկրէն կը գաղթէ:
Այսօր հայութեան թիւը շատ պակսած է Սուրիոյ մէջ, ունեցած ենք մեծ թիւով գաղթողներ՝ զանազան երկիրներ: Սակայն Սուրիոյ կառավարութիւնը ամէն ճիգ կ'ընէ, որ հայութիւնը եւ երկրի քրիստոնեայ հատուածների շարունակեն մնալ երկրին մէջ, եւ անոնց համար օժանդակութեան ծրագիրներ կ'իրականացնէ։ Եւ այդ մօտեցումը արդիւնաւէտ դարձնելու համար նիւթական յատկացումներ կը տրամադրէ բոլոր անոնց, որ իրենց գործարանները պիտի վերանորոգեն, կամ նոյնիսկ նոր գործարաններ հիմնեն։