image

Թուրքիոյ մէջ երէկուան դէպքերուն ընթացքին զոհուած են 105 անձեր

Թուրքիոյ  մէջ երէկուան  դէպքերուն  ընթացքին զոհուած են  105  անձեր

Երէկ  Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերու աւարտին  ձերբակալուած են  են 754 զինուորականներ, որոնք փորձած են երկրին մէջ յեղաշրջում կատարել: Անոնք բոլորը զրկուած են իրենց կոչումներէն: Կը հաղորդուի, որ երկրին մէջ յեղաշրջման փորձէն ետք 5 զօրավար եւ 29 գնդապետ ազատուած են իրենց աշխատանքէն: Թրքական   «Տէյլի Սապահ»ին հաղորդմամբ   զոհուած են 105   անձեր  եւ կան 1154 վիրաւորներ:  Յիշեցնենք, որ այս գիշեր Թուրքիոյ մէջ մի խումբ զինուորականներ ռազմական յեղաշրջման փորձ իրականացուցին: Անգարայի եւ Պոլսոյ փողոցներ դուրս բերուեցան ռազմական սարքեր, լսուեցան կրակոցներ եւ պայթիւններ:  Նախագահ Էրտողանի կոչէն ետք կողմնակիցները դուրս եկան փողոց: Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ յեղաշրջման փորձը տապալած է եւ  յեղաշրջումին գլխաւոր հեղինակ համարուող  նախկին զինուորական Մոհհարամ  Քէօսէն        անձնատուր  եղած է: