Թուրքիան դադրած է գերմանացի զբօսաշրջիկներուն համար սիրելի հանգստավայր մը ըլլալէ: Այս մասին տարողունակ րէբորթաժ մը հրապարակած է թրքական «Միլլիյէթ»ը: Աղբիւրը, իր տեղեկութիւնները գերմանական աղբիւրներէ առնելով նաեւ կը գրէ, թէ գերմանացիներու 87 առ հարիւրը յայտնած է, թէ չի փափաքիր այս տարուան արձակուրդը Թուրքիոյ մէջ անցընել: Ըստ թերթին, մասնաւորապէս Պոլսոյ մէջ եղած պայթումէն ասդին, գերմանացիներուն համար Թուրքիան դադրած է առաջուան նման հմայիչ վայր մը ըլլալէ: Վերջերս լոյս տեսած վիճակագրութեան մը համաձայն, անցեալ տարուան ընթացքին աւելի քան 5 միլիոն գերմանացիներ զբօսաշրջութեան համար Թուրքիոյ տարբեր քաղաքները այցելած էին ու այդ քաղաքներուն գլխաւորագոյնը ՝ Պոլիսն էր: