Թուրքիան երես չէ դարձուցած Ռուսիայէն, Անգարան պիտի աջակցի պաշտօնական Մոսկուայի հետ «թափանցիկ բանակցութիւններուն», գրած է Hürriyet թերթը՝ յղում ընելով կառավարական շրջանակներու մօտ իր աղբիւրներուն։
Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, աւելի վաղ մեկնաբանելով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ համագործակցութիւնը, յիշեցուցած է, որ կան տարաձայնութիւններ, բայց կայ նաեւ յարաբերութիւններու այն հատուածը, որ կը համապատասխանէ երկու երկրի շահերուն։ Մոսկուան մտադիր է զարգացնել երկխօսութիւնը:
«Այն կարծիքը, թէ Թուրքիան երես դարձուցած է Ռուսիայէն եւ ամբողջութեամբ թեքուած է դէպի Արեւմուտք, ճիշդ չէ: Թուրքիան պիտի շարունակէ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել՝ որպէս միջազգային եւ տարածաշրջանային տէրութիւն: Այս ծիրէն ներս Թուրքիան պիտի շարունակէ զարգացնել յարաբերութիւնները Արեւմուտքի եւ Եւրոպայի հետ՝ միաժամանակ պահպանելով «թափանցիկ բանակցութիւնները» Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Փութինի հետ»,- գրած է թերթը։
Երկուշաբթի Էրտողան յայտարարած է, որ Շուէտի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին հնարաւոր կ'ըլլայ այն բանէ ետք, երբ Թուրքիան ընդունուի Եւրոպական Միութիւն։ Այդ յայտարարութենէն ետք՝ նոյն օրը, ՆԱԹՕ-ի ղեկավար Ենս Սթոլթընպըրկ ըսած է, որ նախագահ Թայէպ Էրտողանը համաձայնած է «որքան հնարաւոր է շուտ» փաստաթուղթեր ներկայացնել Թուրքիոյ խորհրդարան՝ Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու յայտը վաւերացնելու համար: Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովն ալ ըսած է, որ Արեւմուտքը Թուրքիան չուզեր տեսնել Եւրոպայի մէջ, եւ Անգարան պէտք չէ վարդագոյն ակնոց կրէ այս հարցով։