image

Թուրքիան կ՚առաջարկէ հարթակ տրամադրել Ռուսիա-ԱՄՆ հնարաւոր գագաթնաժողովի համար

Թուրքիան կ՚առաջարկէ հարթակ տրամադրել Ռուսիա-ԱՄՆ հնարաւոր գագաթնաժողովի համար

Թուրքիան կ՚առաջարկէ հարթակ տրամադրել Ռուսիա-ԱՄՆ հնարաւոր գագաթնաժողովի համար՝ հաւատալով, որ երկխօսութիւնը օգտակար է ուքրանական հակամարտութեան աւարտի համար, յայտարարած է նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։

«Այստեղ անգամ մը եւս ցուցադրուեցաւ Թուրքիոյ եւ Իսթանպուլի կարեւորութիւնը մեր աշխարհայեացքին մէջ։ Մենք պատրաստ ենք որեւէ պահու հիւրընկալել նման հանդիպում։ Ափսոս է, որ Պուտափեշթի մէջ հանդիպումը չկայացաւ։ Մենք կը կարծենք, որ որեւէ երկխօսութիւն օգտակար է այս պատերազմը դադրեցնելու համար։ Մենք սկիզբէն ի վեր պաշտպաներ ենք այդ, աշխատեր ենք այդ ուղղութեամբ եւ այտարարեր՝ արդար խաղաղութեան հնարաւորութեան մասին», -ըսած է Էրտողանը օդանաւին մէջ լրագրողներուն՝ Պարսից ծոցի երկիրներ կատարած շրջագայութենէն վերադառնալէ ետք։

Էրտողան նշած է, որ Թուրքիան լաւ յարաբերութիւններ ունի երկու կողմերու հետ ալ, եւ այն երկիրն է, որ արժանացած է երկուքի վստահութեան, որ իրենց առաւելութիւն կու տայ խաղաղութեան ճանապարհին:

«Մենք մտադիր ենք այս կարգավիճակն օգտագործել մարդկութեան բարօրութեան համար», -ըսած է Էրտողանը: