1999-ին Սլովաքիան ու Թուրքիան անդամ երկրի կարգավիճակ ստացան: Սլովաքիան աւարտեց գործընթացն ու ԵՄ անդամի կարգավիճակ ստացաւ, քանի որ իրականութեան մէջ շատ կ՛ուզէր անդամակցիլ: Թուրքիան, սակայն, հիմա աւելի հեռու է անդամութենէն, քան 23 տարի առաջ:
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լեյենը, խօսելով Եւրոմիութեան հնարաւոր նոր անդամներու մասին, ըսած է, որ Թուրքիան հիմա աւելի հեռու է եւրոանդամակցութենէն, քան, օրինակ, 1999 թուականին: Լեյեն համեմատած է Սլովաքիան ու Թուրքիային, որոնք 1999-ին միաժամանակ անդամութեան թեկնածուի կարգավիճակ ստացած էին:
Եւրոյանձնաժողովի նախագահը շեշտած է, որ Եւրոմիութեան անդամակցելու գործընթացի բաւականաչափ ճկունութիւնն ու առաջանցիկութիւնն աւելի շատ կախուած է դիմող երկրէն:
«1999-ին Սլովաքիան ու Թուրքիան անդամ երկրի կարգավիճակ ստացան: Սլովաքիան աւարտեց գործընթացն ու ԵՄ անդամի կարգավիճակ ստացաւ, քանի որ իրականութեան մէջ շատ կ՛ուզէր անդամակցիլ: Թուրքիան, սակայն, հիմա աւելի հեռու է անդամութենէն, քան 23 տարի առաջ»:
Նշենք նաեւ, որ Լեյենը նախորդ շաբաթ կոչ ըրած էր Ոքրանիոյ եւ Մոլտդովային անդամ երկրի կարգավիճակ տրամադրելու, աւելցնելով, որ անդամ 27 երկիրներէն ալ այս թեմայով պատասխանի կը սպասէ այսօր տեղի ունենալիք ԵՄ գագաթաժողովին: