image

Թուրքիա-Սուրիա ռազմական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր պիտի ստորագրուի

Թուրքիա-Սուրիա ռազմական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր պիտի ստորագրուի

Թուրքիան եւ Սուրիան կը պատրաստուին ստորագրելու ռազմական համագործակցութեան համաձայնագիր մը։ Այս մասին կը հաղորդէ թրքական կառավարամէտ «Հիւրրիյէթ» թերթը։

Հրատարակութիւնը չի նշեր, թէ երբ նախատեսուած է ստորագրել այս փաստաթուղթը՝ ընդգծելով, որ Անգարան եւ Դամասկոսը այս կարեւոր քայլը կը կատարեն Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ անվտանգութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ։

«Հիւրրիյէթ»-ը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նախապէս յայտարարած էր, որ իր երկիրը պիտի չարտօնէ Սուրիան ապակայունացնող եւ մասնատող ծրագիրներու իրականացումը։ Հրատարակութիւնը նաեւ կը նշէ, որ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները Թուրքիայէն օգնութիւն խնդրած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ։