image

Թուրքիա եւ Իսրայէլ վերականգնեցին իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները

Թուրքիա եւ Իսրայէլ վերականգնեցին իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները

Թուրքիան եւ Իսրայէլը պայմանաւորուած են վերադարձնել դեսպանները Թէլ Աւիւ եւ Անգարա:

Ինչպէս կը հաղորդէ Անատոլու գործակալութիւնը՝ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն։

Միաժամանակ ան ընդգծած է, որ «հակառակ այս քայլին, Անգարան պիտի շարունակէ պաշտպանել պաղեստինցիներու իրաւունքները»։

2018 թուականի մայիսին Իսրայէլի եւ Կազայի հատուածի սահմանին ծաւալած լարուածութենէն ետք Թուրքիան ետ կանչած էր իր դեսպանը Թէլ Աւիւէն եւ Իսրայէլի դեսպանէն պահանջած էր լքել Անգարան։