Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան իր ամերիկացի գործընկերոջ`Ճօ Պայտընի հետ հանդիպման յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու նոր փուլի մեկնարկի մասին: Հանդիպման մասին հաղորդած է TRT հեռուստաալիքը:
Արարողակարգային մասի ընթացքին Էրտողան ըսած է, որ եկած է Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական մեխանիզմի շրջածիրէն ներս պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակով խորհրդակցութիւններ կայացնելու ժամանակը: Ան ընդգծած է, որ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հանդիպումը կը դիտարկէ որպէս ատոր ուղղուած առաջին քայլ:
Թուրքիոյ նախագահը Պայտընին շնորհակալութիւն յայտնած է իր վերընտրուելու կապակցութեամբ շնորհաւորելու համար եւ աւելցուցած. «Մեր նախորդ հանդիպումները նախապատրաստման պէս բան էին, իսկ հիմա մենք նոր գործընթաց կը սկսինք», - Էրտողանի խօսքը մէջբերած է «Anadolu» գործակալութիւնը:
«Նախագահ Պայտըն շնորհաւորած է նախագահ Էրտողանը Շուէտի վարչապետ Քրիսթերսընի եւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Սթոլթընպըրկի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համար՝ վաւերացման նպատակով խորհրդարան ներկայացնելու ՆԱԹՕ-ին Շուէտի անդամակցութեան արձանագրութիւնը», - նշուած է Սպիտակ տան մամուլի հաղորդագրութեան մէջ:
Կողմերը նաեւ քննարկած են երկկողմ համագործակցութիւնը ամրապնդելու ջանքերը, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային խնդիրները, այդ շարքին՝ Ուկրանիոյ աջակցութիւնը եւ Եգէական ծովուն մէջ կայունութեան պահպանման կարեւորութիւնը։
Հանդիպումը կայացած է Վիլնիուսի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս։