Ուքրանիան Զապորոժիէի մարզին մէջ ռուս զինուորականներու դէմ թունաւոր նիւթեր օգտագործած է, ՌԻԱ «Նովոստի»-ի հաղորդմամբ, այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Տոնպասի եւ այլ մարզերու մէջ ռազմական պարտութիւններու ֆոնին Զէլէնսքիի ռեժիմը ահաբեկչական գործողութիւններու դիմած է՝ քիմիական նիւթերու կիրառմամբ ռուս զինծառայողներու եւ քաղաքացիական անձանց նկատմամբ։ 31 Յուլիսին... Զապորոժիէի մարզի Վասիլեւքա գիւղի տարածքին առաջադրանքներ կատարած ռուս զինծառայողները ծանր թունաւորման նախանշաններով տեղափոխուած են զինուորական հիւանդանոց», - լրագրողներուն ըսած են գերատեսչութենէն։
Փորձաքննութիւններու արդիւնքով զինծառայողներու մարմիններուն մէջ յայտնաբերուած է «Բ» տիպի պոթուլինաթոքսին թունաւոր նիւթ։ Գործակալութիւնը աւելցուցած է, որ Ս. Փեթերսպուրկի ՊՆ Ռազմական բժշկութեան գլխաւոր գիտահետազօտական հիմնարկի մասնագէտները լրացուցիչ քննութիւն կատարած են, որ հաստատած է նախնական ախտորոշումը։