Թրքական Al-Monitor-ին յայտնի դարձած է, որ «Փրակի մէջ Փաշինեան Էրտողանէն օգնութիւն խնդրած է ռազմագերիներու ազատ արձակման եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման հարցերով»։
Փաշինեան, ըստ կայքի աղբիւրներու, կ'ուզէ, որ սահմանը գծուի ոչ թէ նախախորհրդային, այլ խորհրդային ժամանակներու քարտէզի հիման վրայ։
Էրտողանն իր հերթին բարձրացուցած է փոխադրային միջանցքի հարցը եւ կրկնած, որ «Երեւանը պէտք է վերջ տայ Օսմանեան ժամանակաշրջանի հայերու ջարդերը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալու միջազգային արշաւին»։