Ապօրինի կերպով Լիբանանէն գաղթել փորձող եւ քաղաքացիներ փոխադրող լաստանաւ մը կորսուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ VDL կայանէն։
Կը նշուի, որ երկու օր առաջ ճամբայ ելած նաւը կ՚ուղղէւորուէր դէպի Իտալիա եւ վերջին ժամերուն նաւակին հետ կապ հաստատելու բոլոր փորձերը տապալած են։
Ըստ նաւուն մէջ հարազատներ կամ նոյնիսկ ծնողներ ունեցողներուն վերջին անգամ նաւակը երեւցած է Թուրքիոյ ափերուն, որմէ ետք ալ կապը խզուած է։
Կայանին խօսելով կարգ մը թրիփոլցիներ ըսած են, որ լրջօրէն մտահոգ են իրենց հարազատներու ճակատագրով, քանի լուրեր ունին, որ լաստանաւուն մէջ արդէն իսկ սկսած է ջուր լեցուիլ։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Թրիփոլին կը համարուի Միջերկրական ափի ամենաչքաւոր քաղաքը եւ համընդհանուր վախը կապ ունի ամիսներ առաջ քաղաքի ջուրերէն նաւարկող նաւու մը ողբերգական ընկղմումին հետ, որուն հետեւանքով տասնեակ քաղաքացիներ խեղդամահ դարձան։