image

Թրամփի սպառնալիքներէն ետք Իրան «Հրթիռային քաղաք» մը ցուցադրեց 

Թրամփի սպառնալիքներէն ետք Իրան «Հրթիռային քաղաք» մը ցուցադրեց 

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը ներկայացուցած է նոր հրթիռային «քաղաք». այլ կերպ ըսած, սա ստորգետնեայ հրթիռային կայան է: Այն մէկն է Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի օդատիեզերական ուժերու հարիւրաւոր հրթիռային «քաղաքներէն»: Այնտեղ տեղակայուած են հազարաւոր «Խեյպարշեքան», «Հաճ Քասեմ», «Քատեր Հ», «Սաճիլ», «Իմատ» եւ շատ այլ բարձր ճշգրտութեան հրթիռներ։

Վերջերս Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը ցոյց տուած էր մէկ այլ այսպիսի կայան՝ զէնքի ահռելի պաշարներով:

Յատկանշական է, որ Իրանն այս ստորգետնեայ կառոյցները կը ցուցադրէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի սպառնալիքներու լոյսին տակ: Թրամփի խօսքով՝ Իրանը պէտք է միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցութիւններ սկսի Միացեալ Նահանգներու հետ, հակառակ պարագային՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը սպառնայ ծանր հետեւանքներով եւ հարուածներով: Թրամփի պնդմամբ՝ Թեհրանին կարելի չէ թոյլ տալ միջուկային զէնք ստեղծել: Մինչդեռ Իրանը յայտարարած է, որ սպառնալիքներու պայմաններու մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ պիտի չբանակցի: