image

Թեհրան տարածաշրջանին մէջ տարածքային փոփոխութիւն չի հանդուրժեր

Թեհրան տարածաշրջանին մէջ տարածքային փոփոխութիւն չի հանդուրժեր

Տարածաշրջանային կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը, սահմաններու անխախտելիութիւնը Իրանի համար կարմիր գիծեր են, եւ Թեհրան չի հանդուրժեր տարածաշրջանին մէջ որեւէ տարածքային փոփոխութիւն: Այս մասին յայտնած է Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան մշտական յանձնաժողովի անդամ Մահմուտ Ահմատի Պիղաշը, Երեւանի մէջ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպման ընթացքին: 

Նշելով Հայաստանի կարմիր գծերը` Արմէն Գրիգորեան ընդգծած է Հայաստանի կողմէ ավելի վաղ առաջ քաշուած «խաղաղութեան դարաշրջան» սկսելու հրամայականը, որ նաեւ կը համընկնի Իրանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն հետ: Վերջինս նաեւ կարեւորած է Երեւան-Նախիջեւան-Ճուլֆա երկաթագիծի գործարկումը՝ ընդգծելով, որ այն պիտի բերէ տարածաշրջանի երկիրներու տնտեսական զարգացման: