Սուրիոյ բանակի ջոկատներն ու «Տահէշ»ի դէմ կազմուած դաշանկից ուժերու ստորաբաժանումներ յաջողած են իրենց տիրապետութեան տակ առնել Տէր Զօր- Դամասկոս միջազգային մայրուղին: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը մասնաւորապէս նշելով, որ սուրիական ուժերը կրցած են հասնիլ «Թիւ 137 ջոկատ» եւ Փանորամա շրջանները (որ Տէր Զօր քաղաքի հարաւային հատուածի գլխաւոր մուտքն է) եւ Ալ սըխնէ-Տէր Զօր շրջանը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ բանակը յաջողած է ամբողջութեամբ իր տիրապետութեան տակ առնել Տէր Զօր-Դամասկոս միջազգային մայրուղին, անցնելով Ալ -Սըխնա եւ Թատմոր քաղաքներէն:
Նշենք, որ միջազգային մայրուղիի Ալ Սըխնա շրջանը Տէր Զօրին միացնող հատուածը չորս տարիներէ ի վեր կը մնար փակուած: