image
Հրատապ լուրեր:

Տէր Պետրոսեան ընդունած է Արտակ Բեգլարեանը

Տէր Պետրոսեան ընդունած է Արտակ Բեգլարեանը

25 Սեպտեմբերին, ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր տան մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանին հետ: 

Զրոյցի ընթացքին շօշափուած են բացառապէս մարդասիրական խնդիրներուն վերաբերող՝ տեղահանուածներու վերաբնակեցման, աշխատատեղերու ապահովման եւ Արցախի բնակչութեան ընկերային կարիքներու բաւարարման առնչուող հարցեր: