Հալէպի նահանգապետ Հիւսէյն Տիապ, երէկ ստուգողական այցով մը հետեւած էր Հալէպի մէջ վնասուած դպրոցներու վերականգնման աշխատանքներուն՝ Ալ-սախուր, Սէյֆ Ալ-տաուլէ եւ Շահպաա շրջաններուն մէջ, պահանջելով, ոչ մէկ ջանք խնայել՝ նոր ուսումնական տարուան ընդառաջ բոլոր կարիքներու ապահովման համար:
Հալէպի նահանգապետը ստուգած է նաեւ կարգ մը բնակելի թաղամասերու մէջ փողոցներու ասֆալթապատման, Սախուրի եւ Ալ-Արքուպ շրջանի կամուրջի վերանորոգման աշխատանքները, շեշտելով, տարբեր սպասարկողական եւ զարգացման ծրագիրներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը, ինչը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Հալէպի վերականգնողական ընդհանուր գործընթացներուն մէջ: