image

Ճափոնը կը կարեւորէ Հայաստանի հետ ծրագիրներու իրականացումը. Ճափոնի Վարչապետ

Ճափոնը կը կարեւորէ Հայաստանի հետ ծրագիրներու  իրականացումը. Ճափոնի Վարչապետ

Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ճափոնի վարչապետ Շիկերու Իշիպայի հետ։

Վարչապետ Շիկերու Իշիպա ողջունած է Նիկոլ Փաշինեանի այցը Ճափոն՝ ընդգծելով, որ այն լաւ հնարաւորութիւն է Հայաստան-Ճափոն յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան խորացման համար։

Ան նշած է, որ Ճափոն մեծապէս կը կարեւորէ Հայաստանի հետ բարեկամական կապերու ամրապնդումը եւ համատեղ նախաձեռնութիւններու իրականացումը տարբեր ոլորտներու մէջ։ Միաժամանակ Շիկերու Իշիպա ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման փաստը՝ յոյս յայտնելով, որ տարածաշրջանին մէջ կ’ապահովուի երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութիւն:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը պատրաստ է նոր թափ հաղորդելու Հայաստան-Ճափոն համագործակցութեան։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Ճափոնի հետ համագործակցութեան ընդլայնման, այդ շարքին՝ տնտեսութեան ոլորտին մէջ։

Ան ընդգծած է, որ յառաջիկային կը նախատեսուի երկկողմ գործարար համաժողով, որ իրապէս պիտի նպաստէ առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման։ Վարչապետը վստահութիւն յայտնած է, որ անոր բերումով ճափոնական առեւտրային ներդրումները Հայաստանի մէջ էապէս աճ պիտի արձանագրեն։

Երկրի ղեկավարը կարեւորած է նաեւ նախորդ տարիներու ընթացքին Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ աղէտներու կանխարգիլման, մարդկային միջոցներու զարգացման, ենթակառուցուածքներու, փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան խթանման եւ այլ ոլորտներու մէջ հաստատուած համագործակցութիւնը:

Վարչապետը բարձր գնահատած է այս տարիներու ընթացքին Ճափոնի ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի մէջ, այդ շարքին՝ զարգացման եւ տեխնիկական աջակցութեան ծրագրերու միջոցով։

Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է գործընկերը «Էքսփօ 2025» համաշխարհային ցուցահանդէսի հիւրընկալման եւ յաջող կայացման առիթով։ Միաժամանակ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Ճափոնի կողմէ ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Կողմերը կարեւորած են այս հարթակը՝ որպէս Հայաստան-Ճափոն փոխգործակցութեան յառաջմղման եզակի հնարաւորութիւն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Ճափոն համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները՝ տնտեսական կապերու եւ ներդրումային համագործակցութեան ընդլայնում, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի, զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ կապերու խորացում: Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման հետագայ քայլերու շուրջ:

Ի պատիւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Ճափոնի վարչապետ Շիկերու Իշիպայի անունով տրուած է պաշտօնական ճաշ: