image

Ճանապարհներ փակելու համար բերման ենթարկուած է 18 անձ. ՀՀ Ոստիկանութիւն

Ճանապարհներ փակելու  համար  բերման ենթարկուած է 18 անձ. ՀՀ Ոստիկանութիւն

Մայրաքաղաքին մէջ փողոցներ փակելու համար բերման ենթարկուած է 18 անձ: Այս մասին յայտնեցին ոստիկանութենէն:

Ըստ այդմ, 11 անձ բերման ենթարկուած է Հանրապետութեան հրապարակէն` վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքի 182 յօդուածով նախատեսուած արարքի համար (Ոստիկանութեան զօրքերու զինուորի կամ ոստիկանութեան ծառայողի օրինական պահանջը չկատարելը): Եւս 7 քաղաքացի բերման ենթարկուած է Թումանեան փողոցէն, կրկին նոյն յօդուածով:

Յիշեցնենք, որ մայրաքաղաքի տարբեր փողոցներուն մէջ ընդդիմութիւնը ապակեդրոն պայքար կ'իրականացնէ: