image
Հրատապ լուրեր:

Տապալած են Նազարպայեւի արձանը

Տապալած են Նազարպայեւի արձանը

Ղազախստանի մէջ հակակառավարական ցոյցերու մասնակիցները հանած են հանրապետութեան առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի արձանը Թալտիքորկան քաղաքին մէջ, Ալմա Աթայի մարզի վարչական կեդրոնին մէջ, որուն արձանը կոտրուած է կիսով չափ եւ ինկած է պատուանդանէն:

Յիշեցնենք, որ 2022 թուականի առաջին օրերուն Ղազախստանի արեւմուտքը գտնուող Մանկիսթաուսքի մարզի Ժանաոզէն ու Աքթաու քաղաքներու բնակիչները բողոքի ցոյցեր կ'իրականացնեն հեղուկ կազի գինի կրկնակի աճի դէմ: Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը յանձնարարած է ձեւաւորել կառավարական յանձնաժողով իրավիճակը ուսումնադիրելու նպատակով: Յունուար 4-ին յանձնաժողովը յայտարարած է, որ պատրաստ է կատարել ցուցարարներուն գլխաւոր պահանջը ու նուազեցնել կազի գինը: