ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ ֆիլմարտադրութեան ոլորտի ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին եւ Ամերիկեան կինոակադեմիոյ անդամներուն ցուցադրուած է Նարէ Մկրտչեանի «Տան միւս կողմը» վաւերագրական ֆիլմը, որ առաջադրուած է Օսկարի «Լաւագոյն վաւերագրական կարճամետրաժ ֆիլմ» անուանակարգին, կը հաղորդէ «Ասպաէզ»-ը:
«Ես այնքան շնորհակալ եմ, որ այս ֆիլմը ընտրուած է որպէս Օսկարի կարճ ցուցակ անցնելու յաւակնող տասը թեկնածուներէն մէկը: Իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապարծներու թոռ` սա մեծ նշանակութիւն ունի ինծի համար: Ինչ-որ առումով ասիկա հաստատումն է անոր, որ այս խնդիրը, ինչքան ալ երկար լռեցնեն, կը շարունակէ ըլլալ համամարդկային առումով հասկնալի, անիկա արժէ պատմել, իսկ հանդիսատեսը կը ցանկայ զայն տեսնել»,- նշած է Նարէ Մկրտչեան:
«Տան միւս կողմը» վաւերագրական ֆիլմը կը պատմէ թրքուհիի մը մասին, որ 2015 թուականին կը պարզէ, որ իր մեծ մայրը ցեղասպանութիւնը վերապրողներէն մէկն է, եւ կ՛որոշէ մեկնիլ Հայաստան` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն: Անոր մէջ միշտ կը պայքարին Ցեղասպանութիւն վերապրածն ու Ցեղասպանութիւնը ժխտողը: