Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով երկրի տարբեր հատուածներուն մէջ գտնուող հայաբնակ տասնեակ գիւղեր ենթարկուեցան ծանր ճակատագրի: Անոնցմէ է Թէլ Ապիատը, որուն մասին «Արեւելք» տարբեր առիթներով նիւթեր հրապարակեց: Օրերս «Արեւելք»ի Հալէպի թղթակիցը հանդիպեցաւ բնիկ թէլ ապիատցի Գէորգ Գույումճեանին հետ եւ շրջանի իրավիճակին մասին վերջին տեղեկութիւնները ստանալու համար ունեցաւ հետեւեալ հարցազրոյցը:
-Պրն. Գույումճեան պիտի խնդրէինք, որ հակիրճ տողերու մէջ ձեր մասին տեղեկութիւններ փոխանցէք մեր ընթերցողներուն:
-Անունս Գէորգ Գույումճեան է՛ կ’ապրիմ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Թէլ Ապիատ (Սպիտակ բլուր) անունը կրող քաղաքը, կը զբաղուիմ հողագործութեամբ եւ գիւղատնտեսական առեւտուրով:
-Կրնա՞ք մեզ տեղեկութիւն փոխանցել Թէլ Ապիատի հայկական գաղութի մասին, նախքան սուրիական պատերազմը:
-Թէլ Ապիատի մէջ նախքան սուրիական պատերազմի սկիզբը կը բնակէր մօտաւորապէս 25 հայ ընտանիք: Թէլ Ապիատի բնակիչները հիմնականին մէջ կը զբաղուէին հողագործութեամբ, ինքնաշարժի վերանորոգութեամբ եւ առեւտուրով: Ունէինք շատ հին եւ գեղեցիկ եկեղեցի մը, որ մեր պապերը իրենց ձեռքերով կառուցած էին, ունէինք հայկական դպրոց, որ ունէր աշխոյժ ուսանողութիւն եւ ուսուցչական կազմ:
-Երբ սկիզբ առաւ սուրիական պատերազմը, Թէլ Ապիատն առաջին անգամ 20 սեպտեմբեր, 2012 թուականին գրաւեց «ազատ բանակ» կոչուած խմբաւորումը: Անոնք Թէլ Ապիատ մնացին մինչեւ 6 յունուար, 2015, ետքը քաղաքը ինկաւ «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան իշխանութեան տակ, որ նաեւ յայտնի է այլ անուններով: Անոնք Թէլ Ապիատ մնացին մինչեւ յունիս 2016, իսկ վերջերս քաղաքը անցաւ քրտական ուժերու ձեռքը, եւ ցայսօր ալ կը շարունակէ մնալ անոնց իշխանութեան տակ:
-Երբ «Իսլամական պետութիւն»ը մուտք գործեց քաղաք, հայերը ինչպիսի՞ վիճակի մէջ յայտնուեցան:
-Երբ այդ ահաբեկիչները մուտք գործեցին քաղաք` բոլոր հայերը փախուստի դիմեցին, որովհետեւ չէին գիտեր թէ ինչպիսի ճակատագիր կը սպասէ իրենց, սակայն ժամանակ մը ետք ճամբաներ գտանք, հանդիպեցանք ԻՊ-ի պատասխանատուներուն հետ եւ սկսանք կամաց–կամաց վերադառնալ մեր տուները: Մեզի ըսին, որ պարտաւոր ենք ենթարկուիլ իրենց հրամաններուն: Ամէն մարդ կրնար իր գործը կատարել, պայմանաւ, որ իրենց վճարենք կրօնական տուրք կոչուածը «Ճըզիէ»ն (գլխահարկ), որովհետեւ մենք ուրիշ կրօնքի կը պատկանինք: Եկեղեցւոյ խաչը վար առին, եկեղեցին բանտի վերածեցին, ետքը մենք խնդրեցինք, որ եկեղեցւոյ մէջ աղօթքներ կատարենք, սակայն ապարդիւն: Այդ ժամանակ քաղաքի մէջ ամէն ինչ կը գտնէինք, սննդամթերքի նուազ չէինք զգար: Կային որոշ օրէնքներ, որոնց պարտաւոր էինք հետեւիլ, օրինակ իրենց աղօթքի ժամանակ աշխատիլը բացարձակապէս արգիլուած էր, կիները «նիգապ»ով (կնոջ ամբողջ մարմինը ծածկող զգեստ, որ սովորաբար սեւ գոյնի կ'ըլլայ- խմբ. «Արեւելք») պէտք էր դուրս ելլէին` այսինքն կինը իր երեսն ու մազերը ծածկած պէտք էր ըլլար, տղամարդիկ պարտադիր մօրուք պիտի պահէին, բնականաբար ծխելն ու ոգելից օգտագործելը խմելը արգիլուած էր ու սահմանուած կարգի խախտումը ունէր ծայրագոյն պատիժ:
-Այժմ քաղաքին մէջ ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէ:
-Այժմ քաղաքը կը գտնուի քրտական ուժերու իշխանութեան տակ: Հայերը յարգուած են քիւրտերու կողմէ: Քիւրտերը իրենց ուժերով եւ միջոցներով վերանորոգեցին մեր պապերու կառուցած եկեղեցին, որ ամբողջութեամբ հրկիզուած էր: Անոնք նոյնիսկ կը մասնակցին մեր կրօնական արարողութիւններուն: Վերջերս քանի մը ընտանիք` մօտաւորապէս 10 ընտանիք վերադարձան Թէլ Ապիատ, մանաւանդ անոնք, որոնք ունին հողեր, տուներ եւ խանութներ, եւ անցան իրենց գործերուն գլուխը, որոշ ընտանիքներ ալ վերջնականապէս գաղթեցին: Իմ ընտանիքս այժմ Հալէպ է , իսկ ես գործի բերումով յաճախ կ’երթամ Թէլ Ապիատ՝ օգտագործելով Հալէպի ցամաքային ճանապարհը:
-Գաղթելու մտադրութիւն ունի՞ք:
-Իրականութեան մէջ, այո՛, ունիմ, նոյնիսկ որոշ քայլեր առած ենք եւ կը սպասենք վերջին պատասխանին, որովհետեւ այս պատերազմը շատ ծանր եւ բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ մեր վրայ: Իսկ եթէ պատերազմը վերջնականապէս աւարտի, ապա ես գաղթելու որոշումս վերանայման պիտի ենթարկեմ, որովհետեւ Սուրիան մեր ծննդավայրն է ու հայրենիքը:
Հարցազրոյցը ՝ Յ.Ն.ի