Ամերիկեան «Bloomberg» գործակալութիւը «Սուրիոյ վերակառուցման» մասին զեկոյց հրապարակած է, ուր անդրադարձած է այն պատճառներուն, որոնք նպաստած են երկրին այս տագնապին յաղթահարման, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նախագահ Ասատի իշխանութեան վրայ մնալուն:
Ըստ զեկոյցին, հակառակ անոր որ նախագահ Պաշշար Ասատ յաջողած է իշխանութեան վրայ մնալ, սակայն ան 2011-ի համեմատած, կը գտնուի շատ թոյլ դիրքերու վրայ, եւ յառաջիկայ փուլին ալ, որ Սուրիոյ վերակառուցման փուլն է, շատ հաւանական է, որ գրեթէ աւերակուած երկրի վերաշինութեան առումով ունենայ բաւական մեծ դժուարութիւններ:
Իր հերթին, Լոնտոնի Chatham House հիմնարկի տնտեսական փորձագէտ Տէյվիտ Չաթըր, Ասատի ճգնաժամէն յաղթական դուրս գալու հիմնական պատճառները համարած է՝ ընդդիմութեան պառակտումը, ծայրայեղական կազմակերպութիւններու ծնունդը եւ Ռուսաստանի միջամտութիւնը:
Տնտեսական գետնի վրայ, գործակալութիւնը յայտարարած է, որ համաշխարհային դրամատունը 2011-էն 2016 շրջանին Սուրիոյ ունեցած վնասները գնահատած է 226 միլիառ տոլարով: Տնտեսագէտը մէջբերելով վերլուծաբաններու կարծիքը, աւելցուցած է, որ «կը բացառուի վերակառուցման աշխատանքին նուիրատուներու մասնակցութիւնը», պատճառաբանելով, որ անոնք «չեն ուզեր իրենց գումարներով նպաստել Սուրիոյ իշխանութեան հզօրացման»:
Անդրադառնալով անցեալ ամիս, 5 տարիներու ընդհատումէ ետք Դամասկոսի միջազգային տօնավաճառի կայացման, գործակալութիւնը լուսաբանումներ ընելով գրած է, որ Եգիպտոս համաձայնած է սուրիական խնձորը գնել, Հնդկաստանը խօսած է դեղագործական ընկերութիւն բանալու հնարաւորութեան մասին, Իրաք Դամասկոսի հետ միլիառաւոր տոլարներու պայմանագիր կնքած է եւ 400 գործարարներ վերսկսած են իրենց գործարաններու աշխատանքը Հալէպի մէջ: